Մեր մասին
Հայկական սփիւռքը, որ կը կազմէ ազգի հոգիին 75-էն 80 առ հարիւրը եւ անոր տնտեսական ուժին 98 առ հարիւրը (նկատի առնելով իւրաքանչիւր համայնքի չափը եւ Համախառն ներքին արդիւնքը (GDP)), տարածուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ հայերը յարմարած են զիրենք հիւրընկալող երկիրներու տարբեր մշակոյթներուն եւ լեզուներուն: Մինչ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները կազմակերպուած պետութիւններ են՝ ղեկավարուած նախարարութիւններով կազմուած կառավարութիւններու կողմէ, իւրաքանչիւրը ունենալով իր սեփական կառոյցը եւ ֆինանսաւորման համակարգը, Սփիւռքը կը կառավարուի, եթէ կրնանք այդպէս կոչել, տարբեր բնոյթի տեղական կազմակերպութիւններով, որոնցմէ ոմանք ազգային եւ միջազգային պատկանելիութիւն ունին:
Սփիւռքը «կառավարող» քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ մարդասիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ամբողջութիւնը, ոմանք կուսակցական եւ յաճախ իրարու հետ մրցող, շատ յաճախ կը գործէ առանց կանոնաւոր կամ կայուն ֆինանսաւորման:
DiasporArm պիտի խաղայ այդ կամուրջի դերը:
Առաքելություն
To unite likeminded individuals and organizations both inside and outside Armenia, for the purpose of advancing global Armenian Interests, strengthening the nation’s security and ensuring the Armenian people’s safety and prosperity.
ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ
- Յայտնաբերել եւ աշխուժացնել Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող կարեւոր ոչ գործուն աղբիւրները, ստեղծել կամուրջներ եւ փոխյարաբերութիւններ սփիւռքի զանազան համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հետ, բացայայտելով իւրաքանչիւր համայնքի, նոյնիսկ ամէնէն փոքրին, գոյութիւնը եւ կարեւորութիւնը:
- Ստեղծել մարդուժի, արժէքներու եւ տնտեսական հարստութիւն` գործածելով ցանցերը եւ միացնելով անհատներն ու հաստատութիւնները:
- Սփիւռքին տալ համակարգուած ուղղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծել սփիւռքի աշխուժ ուժերուն միջեւ՝ արդիւնքները լաւագոյնին հասցնելու նպատակով:
- Նպաստել Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայերու տնտեսական զարգացման:
- Ձեռնարկել հաղորդակցութիւն, կրթութիւն եւ ներշնչում՝ մեր մշակոյթը եւ հայրենիքը հպարտութեան առարկայ դարձնելու համար:
- Աշխարհի մէջ հայկական շահերը պատշպանել:
- Խթանել եւ աջակցիլ մշակութային աճի զարգացումին:
- Լուծումներ գտնել մտահոգիչ ընկերային հարցերուն, ինչպէս՝ ապահովել տարեցներու համար կեցութեան վայրեր, ստեղծել ընկերային բարօրութեան ծրագիր, եւ դիւրացնել հայրենադարձութիւնը:
- Նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:
ԿԱՌՈՅՑ
DiasporArm-ի հիմքը պիտի կազմէ անհատական մասնակցութիւնը՝ շեշտը դնելով համայնքի ոչ գործուն անդամներու մասնակցութեան հաւաքագրումին վրայ: Պիտի ֆինանսաւորուի իր անդամներուն կողմէ, որոնք ժողովրդավական ձեւով պիտի ընտրեն տնօրէններու խորհուրդը, եւ պիտի դրսեւորեն թափանցիկութիւն՝ հրապարակելով տնտեսական տեղեկագիրները:
DiasporArm պիտի համագործակցի նման նպատակներ ունեցող միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններու հետ:
Մեր թիմը
Pierre Akkelian
Initiator
Business Executive and Entrepreneur
Mont Royal, Canada
Garo Armen, PhD
Initiator
CEO and Philanthropist
Lexington, USA
Սեպուհ Պաղտոյեան
Խորհրդատու
ՄԱԿ-ի ծրագիրների նախկին պաշտոնատար
Վիեննա, Ավստրիա
Ara Nahabedian, BS, MS, MD
Խորհրդատու
Orthopedic Surgeon
Crewe, England
Tsoleen Sarian
Managing Director
MA Nonprofit Management
Երևան, Հայաստան
Անի Հովհաննիսյան
Ծրագրերի համակարգող
MA Business Administration
Etchmiatsin, Armenia
Անահիտ Թորոսյան
Ծրագրերի համակարգող
BS Spanish Philology and
MA Tourism Management
MA Tourism Management