Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը պիտի հնչէ Լոս Անճելոսի ֆիլհարմոնիքի կողմէն՝ շաբաթ՝ նոյեմբեր 4-ին, եւ կիրակի՝ նոյեմբեր 5-ին, Ուոլթ Տիզնիի համերգասրահէն ներս։
«Տուտամէլը կ’առաջնորդէ դէպի խաչատուրեան»-ը կը համախմբէ խմբավար Կուսթաւո Տուտամէլն ու դաշնակահար Ժան Իւ Թիպոտէն մէկ ծրագրի շուրջ, որ կը ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի հայկական ժողովրդական երաժշտական աշխարհը: Ծրագիրը կը պարունակէ Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալեթէն կտոր մը, որուն կ’ուղղեկցի «Ատաճիո»-ն, որուն ալ կը յաջորդէ իր իսկ Դաշնամուրի համերգը:
Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օրը՝ նոյեմբեր 4-ին, ժամը՝ 20:00-ին, եւ կիրակի՝ նոյեմբեր 5-ին, ժամը՝ 14:00-ին: