Յունիս ամսուն, Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան վարժարանը, հիմնուած Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) կողմէ, կրկին կազմակերպած էր իր աւանդական ամավերջեան հանդէսը՝ նշելու 40 աշակերտներու շրջանաւարտութիւնը: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հնչեցին նոյն ծանօթ խօսքերը. «Այս տարուան շրջանաւարտները լաւագոյնն են»: Եւ ինչպէս միշտ, այս խօսքերը չափազանցութիւն չէին:
Այսպէս, աւետիսեանցիներու նոր սերունդ մը եւս քայլ առաւ դէպի կեանքի նոր շրջան՝ իրենց հետ տանելով տարիներու ընթացքին դպրոցի պատերէն ներս ձեռք բերած արժէքները. պարկեշտութիւն, աշխատասիրութիւն, վճռակամութիւն եւ, անշուշտ, սէր ու հաւատք: Շրջանաւարտներէն շատեր արդէն իսկ ուսանողներ են Երեւանի պետական, Ամերիկեան, Ֆրանսական եւ Սլաւոնական համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի այլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Աւետիսեաններու ընտրութիւնը՝ վարժարանը հիմնել Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ, որ Երեւանի տնտեսապէս ամենատկար շրջաններէն մէկն էր, կատարուած էր յստակ նպատակով մը. ապահովել անվճար եւ բարձրորակ կրթութիւն բացառապէս այս համայնքի զաւակներուն: Այսօր վարժարանը կը ծառայէ աւելի քան 700 աշակերտներու՝ արեւելահայերէն ուսումնական ծրագրի կողքին նաեւ ունենալով արեւմտահայերէնի դասապահեր, այսպիսով կամուրջներ հաստատելով երկու ենթամշակոյթներուն միջեւ: Աւետիսեան վարժարանը Հայաստանի մէջ միակ ուսումնական հաստատութիւնն է, որ արժանացած է «LEED Earth Silver» միջազգային վկայագրին՝ շնորհիւ իր բնապահպանական կայուն ճարտարապետութեան, որ կը ներառէ արեւային վահանակներ եւ կանաչապատ տանիք: Աւետիսեան վարժարանը պարզապէս դպրոց մը չէ, այլ՝ ներառական եւ յառաջադէմ կրթութեան իսկական խորհրդանիշ մը: