«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Սովորաբար կ՛ըսեն, որ քաղաքականութիւնը պոռնկութիւն է․ չկայ բարոյականութիւն, կան միայն շահեր։ Այսուամենայնիւ, գոյութիւն ունի նաեւ կեղծաւորութիւն կոչուածը։ Թէեւ ճիշդ է, որ անհատներ կամ ժողովուրդներ կրնան որոշ ժամանակով խուսափիլ որեւէ անազնիւ վերաբերումի մը հետեւանքներէն, սակայն, ի վերջոյ, անոնք կը ստանան իրենց արդար պատիժը եւ կը բացայայտուին։
Աշխարհի վրայ նման անազնիւ վերաբերումի բազմաթիւ օրինակներ կան, բայց այժմ կեդրոնանանք Ատրպէյճանի ներկայ դրութեան եւ անոր կեղծաւոր վերաբերումին վրայ:
Ատրպէյճան իսլամական պետութիւն է եւ աշխուժ անդամ է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան, որ բաղկացած է 57 անդամ պետութիւններէ: Այսուհանդերձ, Ատրպէյճանի՝ Իսրայէլով հմայուած ըլլալը ի սկզբանէ ծագում առած է իր «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ վերաբերումէն օրինակ առնելով. վերջինս մեծ ջանքեր կը թափէր Իսրայէլն ու Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւնները սիրաշահելու համար, որպէսզի արժանանայ Միացեալ Նահանգներու բարեհաճութեան եւ հակազդէ ամերիկահայ համայնքի ջանքերուն Քոնկրեսի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով։
Ցաւօք, Իսրայէլի կառավարութեան եւ Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւններու վարքագիծը հաւասարապէս լկտի եւ անբարոյական էր․ անոնք մտադիր էին գրկախառնուիլ Թուրքիոյ հետ, որ կը յաւակնէր ըլլալ բարեկամական եւ աջակից այն պահուն, երբ Իսրայէլ շրջապատուած էր մեծ թիւով արաբական թշնամի պետութիւններով:
Ի վերջոյ, Իսրայէլի եւ Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւններու ղեկավարները հասկցան Թուրքիոյ կեղծ բարեկամութիւնը այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս անարգեց Իսրայէլը եւ հրեաները՝ ատելութեամբ լեցուն հակասեմական յայտարարութիւններ ընելով: Վերջապէս, թրքական կեղծաւորութիւնը բացայայտուեցաւ եւ յարաբերութիւնները խզուեցան․․․
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի, ապա անիկա ընդօրինակեց Իսրայէլի եւ Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւններու նկատմամբ թրքական կեղծաւոր օրինակը։ Այս պարագային, սակայն, Ատրպէյճան հետապնդեց շատ աւելի մեծ շահեր, քան զուտ լոպիիստական աջակցութիւնն էր: Յարաբերութիւնները շուտով վերածուեցան փոխադարձ շահագործման՝ հիմնուած սուտի եւ խաբէութեան վրայ: Քարիւղի տոլարներով հարուստ Ատրպէյճանը Իսրայէլէն գնեց միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ մահաբեր անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլ ժամանակակից զինատեսակներ՝ Իսրայէլին քարիւղ մատակարարելու դիմաց: Ա՛լ չխօսինք Իսրայէլի անբարոյական եւ յանցաւոր այն գործողութիւններուն մասին, որոնք տեղի կ՛ունենան Ողջակիզումէն վերապրածներու ժառանգորդներու ձեռքով: Անոնք Ատրպէյճանի կը մատակարարեն մահացու զինամթերք՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածները սպաննելու համար:
Այս բոլորով հանդերձ, Իսրայէլի ղեկավարները անտեսեցին կեղծաւորութեան, խաբէութեան եւ փոխադարձ շահագործման բոլոր ակնյայտ նշանները՝ կուրցած ըլլալով ամենազօր տոլարներէն։ Ինչպէս որ տեղեկացուցած էի նախորդ յօդուածիս մէջ, Իսրայէլի նկատմամբ Ատրպէյճանի կեղծաւորութեան առաջին նշանները բացայայտուեցան 18 Մարտ 2021ին, Ժընեւի մէջ, երբ ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի մնայուն առաքելութեան երրորդ քարտուղար Շահրիար Հաճիեւ ելոյթ ունեցաւ Մարդկային իրաւունքներու Խորհուրդին մէջ՝ խստօրէն դատապարտելով Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու «մարդկային իրաւունքներու զանգուածային, բացայայտ եւ համակարգուած խախտումները»: Բացառութեամբ Միացեալ Նահանգներու Սայմըն Վիզընտէլ կեդրոնի քննադատական արձագանգին, Իսրայէլի ղեկավարները անտեսեցին ատրպէյճանական յարձակումը՝ նոյնիսկ Իսրայէլի Jerusalem Postի մէջ 4 Ապրիլ 2021ին իմ խմբագրականը վերատպուելէն ետք։
Շատ աւելի սարսափելի իրադարձութիւններ տեղի ունեցան Մայիսին, երբ Իսրայէլն ու պաղեստինցիները Կազայի մէջ սկսան փոխադարձ հրթիռներով հարուածել զիրար՝ սպաննելով աւելի քան 200 պաղեստինցիներ եւ տասնեակ մը իսրայէլցիներ: Ամբողջ արաբական եւ իսլամական աշխարհը դատապարտեց Իսրայէլի յարձակումը Կազայի վրայ, բացի Ատրպէյճանէն: Նոյնիսկ այն պահուն, երբ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը յարձակեցաւ արաբ հաւատացեալներու վրայ, իսլամական ամենասուրբ մզկիթներէն մէկուն՝ Երուսաղէմի Ալ-Աքսայի մէջ, Ատրպէյճան նախընտրեց լուռ մնալ:
Ինչպիսի՞ հետեւանքներու կը բախի Ատրպէյճան՝ իր մահմետական եղբայրները լքելուն պատճառով։ Թուրքիա եւ մասնաւորապէս նախագահ Էրտողան, անշուշտ որ իրենք զիրենք դաւաճանուած կը զգան «կրտսեր եղբօր» կողմէ, որուն օգնեց Թուրքիա՝ յաղթելու համար Հայաստանի դէմ պատերազմին եւ գրաւելու Արցախի տարածքներուն մեծ մասը: Մինչ Էրտողան խստօրէն կը քննադատէր Իսրայէլը եւ կը սպառնար ռազմական միջամտութեամբ, Ատրպէյճան կը լռէր: Ասիկա աննկատ չի մնար Անգարայի կամ իսլամական այլ մայրաքաղաքներու մէջ:
Յաջորդ անգամ, երբ Ալիեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) ներկայացնէ ուրիշ բանաձեւ մը՝ դատապարտելու համար քրիստոնեայ Հայաստանը, ԻՀԿի անդամ պետութիւնները Ատրպէյճանի կը յիշեցնեն Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակման օրերուն իր պահած լռութեան մասին: Ճակատագրի հեգնանքով, իսրայէլա-պաղեստինեան վերջին գրոհներու մեկնարկէն անմիջապէս առաջ, Ատրպէյճան առաջարկած էր միջնորդել Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտեցման կայացման: Ատրպէյճանի որդեգրած լռութիւնը Կազայի յարձակման օրերուն, վերջ դրաւ նաեւ այդ հեռանկարին:
Ատրպէյճանի իսրայէլամէտ դիրքորոշումը, անշուշտ, բեկում կը ստեղծէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան մէջ: Ատրպէյճանի ղեկավարը վերջին անգամ այդպիսի անբարեացակամ վերաբերում ունեցաւ Թուրքիոյ դէմ, երբ Հայաստան եւ Թուրքիա 2009ին ստորագրեցին իրենց ընդհանուր սահմանը բանալու մասին արձանագրութիւնը, որուն նախագահ Ալիեւ կտրականապէս դէմ արտայայտուեցաւ եւ յայտարարեց, որ այդ մէկը կը վնասէ Ատրպէյճան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: 25 Փետրուար 2010ին, Պաքուի մէջ պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Պիլ Պըրնզի հետ Թուրքիոյ մէջ հանդիպման ընթացքին, «Ալիեւ յստակօրէն արտայայտեց իր նողկանքը Էրտողանի կառավարութեան դէմ՝ ընդգծելով անոր արտաքին քաղաքականութեան «միամտութիւնը» եւ ձախողումը նախաձեռնութիւններու, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ աջակցութեան կորուստը աւանդական միջազգային բարեկամներու շրջանակէն ներս, Իսրայէլի նկատմամբ Անգարայի թշնամանքին պատճառով: Ան նշեց, որ, իր կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ երբեք արժէք չէ ունեցած «չափաւոր իսլամիստական» կառավարութիւն հասկացողութիւնը, եւ թէ Էրտողանի պնդումը՝ նպաստելու Համասի եւ Կազայի (երբ արաբական միւս երկիրները ակնյայտօրէն կը լռէին այդ հարցերուն մասին), ոչ մէկ օգուտ կը բերէ Թուրքիոյ», կ՛ըսէ «Ուիքիլիքս»:
Վերջին հաշուով, Ալիեւի մօտ իսլամական համերաշխութեան բացակայութիւնը՝ Իսրայէլի կողմէ Կազայի ռմբակոծման հարցով, կրնայ խարխլել իր կառավարութեան կողմէ ղեկավարումը Ատրպէյճանի մէջ 10 միլիոն շիա եւ սիւննի մահմետականներու, զորս կը խրախուսէ Էրտողան, որ միաժամանակ, արցախեան պատերազմէն ետք խստօրէն կը վերահսկէ Ալիեւը: Ալիեւի գրկախառնուիլը Իսրայէլի հետ՝ բացասաբար կ՛անդրադառնայ նաեւ Ատրպէյճանի եւ դրացի Իրանի ու վերջինիս ատրպէյճանական մեծաթիւ բնակչութեան հետ ունեցած իր յարաբերութիւններուն վրայ։