«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ բնաւ տեղեակ չէ տնտեսագիտութենէն, հանդիպում ունեցած է ամերիկեան 26 մեծ ընկերութիւններու գլխաւոր ղեկավարներու հետ եւ բազմաթիւ սուտեր յօրինած՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան մասին: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը սնանկացած է, եւ Թուրքիոյ միլիոնաւոր քաղաքացիներ յայտնուած են սովի եզրին, մինչ «քորոնա» թագաժահրը կը մոլեգնի անտառային հրդեհի պէս՝ Թուրքիան դարձնելով աշխարհի վարակուածութեան հինգերորդ երկիրը։
Ահա՛ Էրտողանի սուտերէն քանի մը հատը, զորս ան ըսած է ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարներուն․
«Շատ երկիրներու առջեւ ծառացած հարցերէն եւ մատակարարման շղթայի խափանումներէն եւ ոչ մէկը գոյութիւն ունեցած է Թուրքիոյ մէջ: Այն պահուն, երբ աշխարհի շատ տնտեսութիւններ փակուղի մտան, մենք շարունակեցինք ներդրումներ ընել ինչպէս պետական, այդպէս ալ մասնաւոր հատուածներու մէջ:
Մեր մասնաւոր հատուածին ջանքերով, մեր պետական աջակցութեան եւ համաճարակային եռանդուն ձեռնարկներուն շնորհիւ մեր տնտեսութիւնը 2020 թուականը փակեց արձանագրելով աճ։ Մենք 1.8 տոկոս ցուցանիշով G-20ի ամէնէն արագ զարգացող երկիրն ենք Չինաստանէն ետք:
Հակառակ արտահանման մեր աւանդական շուկաներու մէջ արձանագրուած տնտեսական անկումին եւ արտաքին պահանջի նուազեցման, մենք հասած ենք 170 միլիառ տոլարի արտահանման։ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆի միջեւ առեւտուրի ծաւալը աճած է 4 տոկոսով եւ գերազանցած՝ 21 միլիառ տոլարը:
2021ի Յունուարէն Ապրիլ ամիսներուն, մեր արտահանումը նախորդ տարուան համեմատ աճած է 33․1 տոկոսով:
2021ի առաջին եռամսեակին, մեր արդիւնաբերական արտադրանքը աճած է 12․3 տոկոսով՝ նախորդ տարուան նոյն եռամսեակին համեմատ: Մենք նաեւ կը նկատենք ներդրումներու պահանջի զգալի աճ Թուրքիոյ մէջ:
Միացեալ Նահանգներու ուղղակի ներդրումներու ընդհանուր գումարը Թուրքիոյ մէջ հասած են 13 միլիառ տոլարի, իսկ թրքական ընկերութիւններու ներդրումները ԱՄՆի մէջ՝ 7․2 միլիառ տոլարի: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ամերիկեան բոլոր ընկերութիւններուն, որոնք կը վստահին Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ տնտեսութեան»։
Զարմանալիօրէն, Էրտողան այնուհետեւ որոշեց ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարներուն պատմել Պայտընի կողմէ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, այսպիսով անոնց տեղեկացնելով հայերու դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած զանգուածային սարսափելի ոճիրներուն մասին:
“Even though President Biden’s statement about the 1915 events puts an additional burden on our relations, I believe that the meeting we will hold with Mr. Biden at the NATO Summit [in June] will herald a new era,” Erdogan stated hopingly.
Ապա Էրտողան հակասեց իր դաժան, անմարդկային, հակասեմական եւ ցեղային խտրականութեան հանրային բազմաթիւ յայտարարութիւններուն ու քաղաքականութեան՝ ըսելով. «Մենք երբեք թոյլ չենք տուած եւ թոյլ չենք տար, որ խեղաթիւրուած մտածելակերպերը, ինչպիսիք են՝ այլատեացութիւնը, հակասեմականութիւնը եւ ցեղային խտրականութիւնը, տեղ գտնեն մեր հասարակութեան մէջ: Մենք վճռականօրէն կը շարունակենք մեր ջանքերը՝ բարեփոխելու տնտեսութիւնը, ազատութիւնները, օրէնքներն ու արդարութիւնը՝ ըստ փոփոխուող պայմաններուն եւ կարիքներուն: Մենք հանրութեան ներկայացուցած ենք Մարդկային իրաւունքներու գործողութիւններու մեր ծրագիրը եւ տնտեսութեան բարեփոխումներու մեր ծրագիրը»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ցուցակը գլխաւոր գործադիր այն ղեկավարներուն, որոնց հետ Էրտողան հանդիպած է.
Cargill, David Webster, Senior Vice President – Food Ingredients and Bio Industrial Ventures; DowAksa, Douglas Parks, CEO; Hilton, Chris Nassetta, President and CEO; MetLife, Nuria Garcia, President — Europe, Middle East and Africa; Netflix, Spencer Neumann, CFO; Boeing Commercial Airplanes, Stan Deal, CEO; Kellogg Company, Steven Cahillane, President and CEO; Google, Karan Bhatia, Vice President – Public Policy, Europe, Middle East and Africa and Asia-Pacific; GE Aviation, John Slattery, President and CEO; Varian Medical Systems, Chris Toth, CEO; PepsiCo, Silviu Popovici, CEO Europe; Amazon, Susan Pointer, Vice President — Public Policy; Cheniere Energy, Anatol Feygin, CCO; Citi, David Livingstone, President and CEO — Europe, Middle East and Africa; Procter & Gamble, Loic Tassel, President — Europe; Progress Rail, Marty Haycraft, President and CEO; Tellurian Inc., Octavio Simoes, President and CEO; Medtronic, Rob ten Hoedt, Senior Vice President and Head of Europe; Archer Daniels Midland, Ismail Roig, President — Europe, Middle East and Africa; Microsoft, Samer Abu Ltaif, Corporate Vice President — Head of Europe and Middle East; Cisco, Michael Timmeny, Senior Vice President and Head of Corporate Strategy; Honeywell Aerospace, Mike Madsen, President and CEO; Nova Power Solutions, Steve Ziff, President and CEO; The Coca-Cola Company, Jenny Stoichkova, President — Europe and the Middle East; Johnson & Johnson, Giorgio Milesi, President — Emerging Markets; and Baker Hughes, Zaher Ibrahim, Vice President — Middle East, Turkey, North Africa.
Այժմ դիմենք աշխարհի մեծագոյն տնտեսագետներէն` Թուրքիա ծնած հայազգի Տարօն Աճեմօղլուի, որ ներկայիս Պոսթոնի Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի տնտեսագիտութեան դասախօս է: Անոր անունը յաճախ կը նշուի իբրեւ Նոպելեան մրցանակի ապագայ թեկնածու:
Տեսազրոյցի ընթացքին Աճեմօղլու ուղղակիօրէն հակասեց Էրտողանի՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան վերաբերեալ քարոզչական պատկերին՝ ըսելով. «Ես մեծ մտավախութիւն ունիմ, որ տնտեսական ճգնաժամը կրնայ խորանալ Թուրքիոյ մէջ»:
Ահա՛ որոշ հատուածներ՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան անմխիթար վիճակին մասին Աճեմօղլուի նկարագրութենէն.
«Երբ Թուրքիա սկսաւ նախագահական ընտրութիւններու, եւ ամբողջ իշխանութիւնը հաւաքուեցաւ պալատ, ասիկա մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ։
“These nationalist and authoritarian populist regimes or these movements generally weaken state capacity when they come to power. This is both a strategy and something they do unintentionally because they can’t rule legally. We see this in India, Brazil, Turkey, Russia, and Hungary.”
Այն երկիրները, ուր «քորոնա» համաճարակի պատճառով ամէնէն աւելի մարդիկ մահացած են աշխարհի վրայ, եղած են Պրազիլը, Թուրքիան, Հնդկաստանը, Ռուսիան եւ ամբոխավարական մենատիրական վարչակարգերը, ինչպէս, օրինակ՝ Ամերիկան, Թրամփի կառավարման տարիներուն։
Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին, Թուրքիա կ՛ապրի տնտեսական իր ամէնէն ծանր ճգնաժամերը: Եղած են խոր ճգնաժամեր, որոնք սկսած են ոչ միայն համաճարակէն ետք, այլեւ անկէ առաջ: Պարտքերու աւելացում, հաշուեկշիռներու վատթարացում, արդեօք կարելի՞ է դրական արդիւնքի հասնիլ ասոնց դէմ: Ոչ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ պաշտօնակալութեան մէջ թիւով քիչ մարդիկ կան, որոնք կրնան պատշաճ կերպով գործ ունենալ տնտեսութեան հետ եւ բարելաւել զայն: Յատկապէս Պերաթ Ալպայրաքի (Տնտեսութեան եւ գանձապետարանի նախարարը եւ Էրտողանի փեսան) օրով յառաջացած խմբակը չէր կրնար ճիշդ մօտեցում ցուցաբերել թէ ինչ պէտք է ընել: Ժողովրդավարութիւնը շատ առաւելութիւններ ունի բռնապետութիւններու եւ մենատիրական համակարգերու հետ բաղդատած: Սակայն, այս վերջիններուն ամէնէն մեծ առաւելութիւններէն մէկը եղաւ ձգտումը՝ գլխաւոր սխալները, տաղանդներն ու անկարողութիւնը առաջնակարգ դիրքերու վրայ պահելու, ինչ որ շատ աւելի թոյլ է: Յատկապէս, երբ Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններ են եւ ամբողջ իշխանութիւնը հաւաքուած է Պալատ, ինչ որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ:
Յատկապէս վերջին հինգ տարիներուն անգործութիւնն ու անհաւասարութիւնը (Թուրքիոյ մէջ) հասած են շատ բարձր մակարդակի։
Առեւտուրի կեդրոններն ու շինարարական ընկերութիւնները, որոնք հինգ տարի շարունակ իրենց հաշուեկշիռին մէջ հսկայական հարցեր ունեցած են, բայց դեռ կանգուն են: Որքա՞ն եւս կրնան կանգուն մնալ։ Ինչպիսի՞ն կ՛ըլլայ ազդեցութիւնը դրամատուներուն վրայ։ Տակաւին որքա՞ն պիտի յաջողինք պահպանել տոկոսադրոյքներու ներկայ քաղաքականութիւնը, երբ մեր պահուստները շատ նուազած են: Այս չափերը, ամենայն հաւանականութեամբ, հետզհետէ շատ աւելի բացասական պիտի դառնան: Այս հարցերը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ ուրիշ վայրերու մէջ եւս առկայ են, բայց ուր որ տեսնես նման հարցեր, տեսած կ՛ըլլաս տնտեսութիւնը ճիշդ չկառավարելու որոշումներուն դերը»:
Յոյսով եմ, որ ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարները յաւելեալ ուշադրութիւն կը դարձնեն Աճեմօղլուի ճշգրիտ գնահատման, քան Էրտողանի քարոզչութեան, որ Թուրքիան հասցուց տնտեսական աղէտի: Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան