Որոնում
Close this search box.

Թրքական Խումբը Խորտակած Է Պայտընի Կայքը` Նախագահական Ընտրութիւնները Խափանելու Համար

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Այն պահուն, երբ լայնօրէն կը լուսաբանուէր, որ Ռուսիա փորձած է միջամտել Միացեալ Նահանգներու 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն, շատ քիչ տեղեկութիւններ կը հաղորդուէին Թուրքիոյ կողմէ նման միջամտութեան մը մասին:

ԱՄՆ Ազգային հետախուզական խորհուրդը (NIC) 15 Մարտ 2021ին հրապարակեց գաղտնազերծուած զեկոյց մը, որ կը հաստատէ թուրք հէքըրներու (hackers) ելեկտրոնային յարձակումը 2020ի ընտրութիւններուն Ճօ Պայտընի ընտրարշաւի կայքին վրայ՝ իբրեւ աջակցութիւն Տանըլտ Թրամփի։

Հաշուի առնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ նախագահ Թրամփի անձնական ջերմ յարաբերութիւնները՝ ասիկա պէտք չէ զարմանալի թուի ոեւէ մէկուն: Էրտողան ամէն շաբաթ կը հեռաձայնէր Սպիտակ տուն՝ ապահովելու համար Թրամփի համաձայնութիւնը թրքամէտ բազմաթիւ հարցերու կապուած: Էրտողան վստահ էր, որ Պայտըն այնքան բարեացակամ չ՛ըլլար, որքան Թրամփ:

Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքը ապրող այլախոհ թուրք հետաքննիչ լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրտ հաստատեց թրքական հէքըրային յատակագիծը՝ հրապարակելով մանրամասնութիւններ «Նորտիք Մանիթըր»ի մէջ (Nordic Monitor), 25 Մարտ 2021ին։

Հետախուզական խորհուրդը բացայայտեց, որ թրքական RootAyyıldız խումբը Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր 2020ին խորտակած է Պայտըն-Հէրիս նախագահական ընտրարշաւի կայքը: «Թրքական ազգայնական թեմաները խթանող հէքըրները ներխուժած են ԱՄՆ նախագահի թեկնածուի ընտրարշաւին համար նախօրօք ստեղծուած կայքը՝ ըստ ամերիկեան ելեկտրոնային ապահովութեան մամուլ»ին, հաղորդած է հետախուզական խորհուրդը:

«Թուրք հէքըրները տեղադրած են ազգայնական եւ իսլամիստական պատգամ, որ, մեծ հաշուով կը կրկնէր այն պատմութիւնը, զոր յաճախ կը տարածէին Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) պաշտօնեաները՝ նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ», գրած է Պոզքուրտ:

Հէքըրները Պայտըն-Հարիս կայքին մէջ տեղադրած էին լուսանկարները Էրտողանի, ինչպէս նաեւ սուլթան Ապտուլ Համիտ 2րդի, զոր Կարմիր սուլթան կոչած էին՝ 1894-1896 թուականներուն 300 հազար հայեր կոտորելուն պատճառով:

«Հէքըրները իրենք զիրենք ներկայացուցած էին իբրեւ «Թուրք մահմետական այլափոխողներ» եւ շեշտած, որ կը հետեւին Թուրքիոյ նախագահին, որ տեղադրուած պատգամին մէջ ներկայացուած էր իբրեւ «Ռէյյիս» (Պետ) եւ, որ իրենք թրքական իսլամիստական ճիհատիստական արշաւի ճամբուն վրայ են՝ տիրելու աշխարհին: Կ՛ենթադրուէր, որ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւնները աջակցութիւն կը ստանային Միացեալ Նահանգներէ, եւ հէքըրները կը նախազգուշացնէին գալիք հետեւանքներէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ հանգիստ չձգէ Թուրքիան», յայտնած է Պոզքուրտ։

Ահա՛ Պայտըն-Հէրիս կայքին վրայ թուրք հէքըրներու ձգած հաղորդագրութեան թարգմանութիւնը.

“We made the ablution [used here as a means to clean oneself to get ready to be a martyr in jihad] before and set out on a journey, we said our own funeral prayer, we sharpened our blade for our brother. We made our pledge to the Great Sultan [late Ottoman Sultan Abdulhamid II, an authoritarian ruler revered by Islamist circles in Turkey]. We will kill for Reis [Chief — President Erdogan] anybody who sets their eyes on our [Turkish-Islamic] cause.

«Անիծեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք կ՛ապրին դրամի եւ համբաւի համար, ողջոյններ անոնց, որոնք կ՛ապրին իսլամական գործին համար: Ասկէ մեկնած ես կը զգուշացնեմ՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն վայելող, այսպէս կոչուած (ընդդիմադիր) կուսակցութիւնները, ինչպիսիք են CHP (գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը), HDP (քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւն») եւ Iyi (պահպանողական / ազգայնական Լաւ) կուսակցութիւնը»։

«Մենք կ՛ըլլանք ձեր մղձաւանջը, եթէ ձեր ձեռքերը հեռու չպահէք իմ (թրքական) պետութենէն, իմ ազգէն։ Մենք կը ստիպենք ձեզ վախնալ փողոցը քալելէն (ամօթէն)՝ բացայայտելով ձեր ամէնէն անձնական զրոյցները»:

«RootAyyıldız ոչ թէ խումբ կամ կազմակերպութիւն է, այլ հայրենասէր մը, որ կը մարտնչի միայնակ։ Մենք կ՛ողջունենք, ով որ կը պայքարի թուրքին եւ իսլամին համար: Ալլահը մեզ օգնական։ Մենք չենք օգտագործեր ընկերային ցանցեր: Մի՛ խաբուիք կեղծ հաշիւներէն»:

Հէքըրները Էրտողանի եւ Ապտուլ Համիտ 2րդի լուսանկարներուն տակ գրած էին․ «Մենք ենք, որ մերկ ձեռքերով կանգնեցուցինք հրասայլերը 15 Յուլիսի գիշերը (2016ի ձախողած յեղաշրջումը): Մենք ենք, որ այդ գիշեր սպաննեցինք մահը։ Մենք 15 դար շարունակ սպասած ենք «Բլուրի նետաձիգին» (յղում՝ Ուհուտի ճակատամարտի մէկ տեսարանին, ուր կը մարտնչէր մահմետական մարգարէ Մոհամմէտ): Մենք պահապաններն ենք այդ կարմիր (թրքական) դրօշին, որ երբեք իր շուքը չի ձգեր մեր վրայ»։ Էրտողան յաճախ յիշատակած է «Բլուրի նետաձիգ»ը իր նախընտրական հանրահաւաքներուն:

Պոզքուրտ աւելցուցած է․ «Կ՛ենթադրուի, որ RootAyyıldız կապ ունի Թուրքիոյ կառավարութեան տարրերուն, մասնաւորապէս հետախուզական MIT գործակալութեան եւ ոստիկանութեան բաժնին հետ: Օտարերկրեայ կառավարութիւններու, խմբաւորումներու եւ անհատներու դէմ անոր յարձակումները համընկած են թուրք պաշտօնեաներու շրջանակին մէջ բարձրացող աղմուկին հետ. պաշտօնեաները խիստ քննադատութիւն եւ սպառնալիք հնչեցուցած են նման օտարերկրեայ կառավարութիւններու, խմբաւորումներու եւ անհատներու հասցէին»:

Պոզքուրտ աւարտած է իր յօդուածը՝ բացայայտելով, որ թրքական հէքըրային RootAyyıldız խումբը «թիրախաւորած է նաեւ Յունաստանի կառավարութիւնն ու հաստատութիւնները՝ Օգոստոս 2020ին երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան սրման պահուն: RootAyyıldız խորտակած էր Հնդկաստան գտնուող Պիհարի կրթութեան վարչութեան պաշտօնական կայքը Օգոստոս 2019ին եւ հաղորդագրութիւններ փակցուցած՝ Փաքիստանի եւ իսլամութեան փառաբանման համար։ Հոկտեմբեր 2020ին խումբը խորտակած էր Հայաստանի Ոտնագնդակի դաշնութեան (federation) կայքը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան ընթացքին եւ հաղորդագրութիւններ տեղադրել Ատրպէյճանին սատարելու համար»:

In a separate article by the Reuters news agency, titled: “Hackers acting in Turkey’s interests believed to be behind recent cyberattacks,” Turkish hackers attacked at least 30 organizations, including Albanian, Cypriot and Greek government email services, the website of the national security advisor of Iraq, embassies and security services as well as companies and other groups.

«Յարձակումները կ՛ենթադրեն զոհ դարձած կայքերու համացանցային երթեւեկութեան գաղտնազերծում, բան մը, որ հէքըրներուն կարելիութիւն կու տայ ապօրինի մուտք ունենալու պետական մարմիններու եւ այլ կազմակերպութիւններու ցանցեր», գրած է «Ռոյթըրզ»:

«Ըստ բրիտանացի երկու պաշտօնեաներու եւ ամերիկացի պաշտօնեայի մը՝ այդ գործունէութիւնը կը կրէ պետութեան կողմէ աջակցութիւն ունեցող լսատեսողական լրտեսութեան գործողութեան առանձնայատկութիւններ, զորս իրականացուած են թրքական շահերը առաջ տանելու համար», կը գրէ «Ռոյթըրզ»:

Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կապուած խումբի այս հէքըրային փորձերը եւս օրինակ մըն են Թուրքիոյ կողմէ միջազգային օրէնքներու եւ համաձայնութիւններու խախտման:

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *

Պատասխանել

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով