Երէկ առտու, Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի 107 երկկուսակից ներկայացուցիչներ նամակ մը ստորագրեցին, ղեկավարուած ներկայացուցիչներ Ատամ Պ. Շիֆի, Կիւս Պիլիրաքիսի եւ Ֆրանք Փալոնէի, Պայտընէն պահանջելով պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչը անցեալ տարի այս ատէն նախագահը իր քարոզարշաւի ժամանակ յայտարարութեամբ խոստացաւ կատարել: Հարկ է նշել, որ ներկայացուցիչ Իլհան Օմար նամակը նաեւ ստորագրողներուն մաս կը կազմէ, քանի որ ան միակ տեմոքրաթն էր, ո 2019-ի քոնկրէսի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի օրինագիծին «ներկայ» քուէարկած էր՝ նախատելով բազմաթիւ աջակիցներ: Աւելի ուշ ան միացաւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի հայկական պլոքին եւ շատ հնարավորութիւններու ժամանակ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակից:
Source: https://twitter.com/houshigk/status/1384944170830290948