Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի հարցերով գերագոյն յանձնակատարի դիմատետրի պաշտօնական էջին, հոլանտահայ համայնքը՝ Տավրոս Ասլանեանի գլխավորութեամբ, կը համագործակցի տեղական NGO-ներու, լրատուամիջոցներու գործընկերներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմին հետ՝ Հայաստանի 20 գիւղական դպրոցներու դպրոցական գոյքերու եւ արհեստագիտական սարքերու ապահովման համար: Ծրագրին կ'ընկերակցին նաեւ Հոլանտայի Ամսթելվինի Վեսելինք դպրոցը, «Diary of the Netherlands media» օրաթերթը, Հոլանտայի թագաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր դեսպան՝ Տիգրան Բալայեան, Հայաստանի «Full Life» NGO-ն եւ մաքսային հիւսիսային վարչութիւնը: Սփիւռքի նախաձեռնութիւններուն մասին աւելիով կրնաք կարդալ, գերագոյն յանձնակատարի ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերէն:
Source: https://www.facebook.com/DiasporaGovAm/videos/2280588862076619