Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Հայկական ազգային խորհրդանիշներու թանգարան մը պիտի բացուի երկրի երկրորդ ամենամեծ քաղաքին՝ Կիւրմրիի մէջ: Թանգարանի հիմնադիր թրքագէտ Հայկ Տեմոյեան կը տեղեկացնէ, որ թանգարանի հաւաքածոն պիտի ընդգրկէ դրօշակներ, զինանշաններ, Հայաստանի հոգեւոր ու աշխարհիկ խորհրդանշաններ՝ եզակի ցուցանմուշներու միջոցով պատմելով իրենց պատմութիւնն ու ծագումը: Բացումին օրը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ: «Կիւմրիի մէջ երկու նոր թանգարան եւ պատմութեան ակումբ մը բացուած էին անցնող վեց ամիսներուն: Արդիւնքները աւելի քան գոհացուցիչ են»,- ըսաւ Տեմոյեան:
https://www.panorama.am/en/news/2021/08/13/museum-Armenian-symbols-Gyumri/2548977