Բազմաթիւ աղբիւրներ ռազմագերիներու վերադարձի մասին լուրեր յայտնելէն ետք, եւ անոնց ընտանիքները Էրեբունիի ռազմական օդակայան հաւաքուելնէն ետք, օդանաւը վայրէջք կատարեց՝ Ազրպէյճանէն վերադարձող ռազմագերիներ տեղափոխելով: Այնուամենայնիւ, օդանաւին մէջ տեղափոուած էր ռուս զօրավար-տեղակալ՝ Ռուսթամ Մուրատով, որ Արցախի ռուս խաղաղապահներու հրամանատարն է: Ան ըսաւ, որ ռազմագերիներու վերադարձ չի նախատեսուիր, արարողութիւնը եղած է «կեղծ դրդում մ'ըն էր, հարցուցէք անոնց (Հայաստանի իշխանութիւններուն): Խաբեցին ընտանիքներուն,… պարզապէս սովորական աշխատանքային այց մ'ըն էր »: Լուրերու ժամանման գիշերը Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն յայտնեցին, որ վերադարձը կը յետաձգուի:
Source: https://twitter.com/AvetissianAn/status/1380462395928236036
https://en.armradio.am/…/return-of-captives-delayed…/