Ազրպէյճանի «Ալպանա-ուտի քրիստոնէական համայնքի» կայքը՝ Udi.az-ը, կը յայտնէ Ալիեւի երկրի հիւսիսը գտնուող Նիժ գիւղի վերջին այցելութեան մասին. «Մայիսի 15-ին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, առաջին տիկինը՝ Մեհրիպան Ալիեւան եւ անոնց դուստրը՝ Լեյլա Ալիեւան, այցելեցին Կապալա շրջանի Նիժ գիւղի Ալպանիական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին»: Յիշեցնենք, որ Նիժը կը գտնուի հիւսիսային Ազրպէյճան, ուր ժամանակին ունէր հայ-ուտի մեծաքանակ բնակչութիւն: Երկու համայնքները եղբայրաբար դարեր շարունակ ապրած են հոն՝ բաժանելով հայկական ծիսակարգի երեք եկեղեցիներ: 1991 թուականէն՝ հայերը գիւղէն վտարելէն ետք, հոն ապրող ուտի քրիստոնեայ մի քանի տասնեակ ընտանիքներ փոխած են իրենց ազգանունները, որոնք կ'աաարտուէին «եան»-ով, որպէսզի կի կարծուին թէ հայեր են, իսկ շատ ուրիշներ լքած են Ազրպէյճանը՝ Վրաստանի, Ռուսիոյ կամ Հայաստանի մէջ ապաստանելու համար: Շրջակայ միւս գիւղերը հիմնականին բնակեցուած են մահմետական ուտիներով: Նիժ գիւղի երեք եկեղեցիներէն մէկը, այն վերի թաղամասը գտնուող եկեղեցին, որ նուիրուած էր օրհնուած Աստծուն, եւ որ լքուած եւ աւերուած էր, վերջերս վերականգնուեց «Ալիեւի հիմնադրամի» կողմէ: Այն ամբողջութեամբ զրկուած է որմնանկարներէ եւ հայերէն լեզուով գրութիւններէ: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին յանձնուած է աղանդաւորներու այն փոքր խումբին, որոնք կը ներկայացուին որպէս «Ալպանական եկեղեցիի» ժառանգներ: Մի քանի տասնեակ անդամներ ունեցող այս եկեղեցուոյ երկու հիմնական քարոզիչները`Ռոպերթ Մոպիլի (Մոպիլեան մինչեւ 1990-ականները) եւ Րաֆֆիք Թանաքարի, ինքնահռչակ «քարոզիչ»` առանց որեւէ կրօնական պատրաստուածութեան կամ ձեռնադրութեան: Այս սրբավայրի վերանորոգումը եւ անոր «հրապոյրի այգի» վերածումը, այսօր թոյլ կու տան այս մեծ «ժողովրդավար» եւ «մարդկայնական» քարոզչութեան ներկայացնել այդ նուաճումը որպէս «ազրպէյճանական հանդուրժողականութեան» արտայայտութիւն:
https://www.armenews.com/spip.php?page=article&id_article=79045