Նախագահ Արմեն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագրին համաձայն, աւագ զօրավար Արկադի Տէր-Թադէոսեան (յայտնի նաեւ որպէս Քոմանտոս) յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքի շքանշան»-ով զինուած ուժերու մէջ գործած իր բացառիկ ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան համար իր կեանքը նուիրելուն համար: Հայրենիքի շքանշանը կը պարգեւատրուի պետութեան պաշտպանութեան եւ իրաւակարգի ամրապնդման բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցուած համապետական նշանակութեան բացառիկ ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային նշանակալի արժէքներու ստեղծման համար: Շքանշան ստացողը կը համարուի Հայաստանի ազգային հերոս: