Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, որպէսզի ապահովեն վեց հայ զինուորներուն մարդու հիմնական իրաւունքները, որոնք այսօր առաւօտեան գերի բռնուած են ազրպէյճանական ուժերու կողմէ, Գեղարքունիք մարզի սահմանամերձ տարածքին մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին խնդրանք մը կը ներկայացնէ, որ ցոյց տայ ժամանակամիջոցային սահմանումներ Ազրպէյճանին դէմ, դատարանի կանոնագրի 39-րդ կանոնին համաձայն, որուն մէջ կը նշուի թէ այդ անձերը, որոնք ռազմագերիներ բռնուած են, ճարտարագիտական աշխատանքներով կը զբաղէին Գեղարքունիք մարզի տարածքին մէջ, մայիս 27-ին առտուն: Ներկայացուած հարցումը նպատակ ունի ապահովել գերիներուն կեանքի իրաւունքներու վայելումը եւ տանչանքի արգելումը, որոնք նախատեսուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանադրութեան մէջ: