«AstraZeneca» պատուաստի երկրորդ շարքը 50,000 դեղաչափով կը հասնի Հայաստան, կը յաղորդէ առողջապահութեան նախարարութիւնը: «Հայաստանի մէջ պատուաստի առաքմանը օժանդակելու համար ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը կիրառէ իր պրակտիկան` COVAX նախաձեռնութեան անունով COVID-19 պատուաստի դեղաչափերը: Ատորմէ զատ, ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը համագործակցի նաեւ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ `ապահովելու համար երկրի պատրաստակամութիւնը պատուաստներ ստանալու հարցում` բժշկական մասնագետներու վերապատրաստմամբ եւ պատուաստներուն նկատմամբ վստահութեան ամրապնդմամբ », - ըսաւ ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յուրի Օքսամիտնին: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը համատեղ քայլեր կը ձեռնարկեն նաեւ հանրապետութեան մէջ համապատասխան սառեցուած շղթայի առկայութիւնն ապահովելու ուղղութեամբ: Ամբողջական պատմութիւնն ընթերցելու համար տե՛ս «Արմենպրես» -ի յօդուածը: