Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Հայաստան հասաւ Քորոնա ժահրի դէմ ռուսական Sputnik V պատուաստի երկրորդ քանակ մը, որ բաղկացած է 14000 դեղահատերէ: Հայաստան մէջ Sputnik V-ն հասանելի պիտի ըլլայ առողջապահական աշխատողներուն եւ վտանքի տակ գտնուող այլ անձերու, մինչդեռ AstraZeneca-ն բոլոր չափահասներուն որոնք կը փափաքին զայն ստանալ: Ամէն օր, բոլոր համաբուժարաններուն մէջ պատուաստումներ տեղի կ'ունենան: Պատուաստումներու շարժական կայքերը տեղակայուեցան հասարակական վայրերու մէջ, ինչպէս Հիւսիսային պողոտայ, «Dalma Garden Mall»-ի եւ «Megamall»-ի առեւտուրի կեդրոնները, Գիւմրիի Վարդանանց բլազան, Վանաձորի Հայկ բլազան եւ Թիլիճանի քաղաքապետարանը: Պատուաստ ստանալու իրաւունք ունին նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիները: Պատուաստումը անվճար է: