"ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ էականօրէն փոխել զօրահաւաքի ծառայութեան կառուցուածքը եւ աստիճանաբար անցում կատարել արհեստավարժ բանակի, այլ խօսքով՝ կամաւոր: ՀՀ կառավարութիւնը, 2021-2026 իր ծրագիրին համաձայն, մտադիր է կրճատել զօրահաւաքի ժամկէտը՝ պայմանագրային (կամաւոր) ծառայութեան աճի հաշուոյն՝ որպէս զինուորական ծառայութեան զարգացման եւ կատարելագործման մաս: Բարեփոխումները կ'ընդգրկեն Հայաստանի ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան վերանայում, նոր ռազմակարգի եւ պետական պաշտպանութեան ծրագիրի մշակում, ինչպէս նաեւ պետութեան պաշտպանութեան պատրաստման գործիքներու եւ ընթացակարգերու կատարելագործում: Կառավարման եւ հրամանատարութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով պիտի ներդրուի հրամանատարական ինքնեկ համակարգ մը՝ ապահովելու ժամանակակից ռազմական գիտութեան համահունչ որոշումներու արագ եւ առաջանցիկ կայացում: Առաջադրուած խնդիրները լուծելու նպատակով պիտի կազմաւորուին մեծ շարժունակութեամբ եւ կրակային հզօրութեամբ, երկար ժամանակ մարտական ինքնուրոյն գործողութիւններ վարելու ունակ զօրամիաւորումներ ու ստորաբաժանումներ: Կարեւորելով զինծառայողներու եւ անոնց ընտանիքներուն ընկերային պաշտպանութեան բարձրացումը՝ կառավարութիւնը կը մեծցնէ նիւթական եւ ընկերային պաշտպանութեան երաշխիքները: Ամբողջական լուրը՝ «Արմէնփրես»-ի վրայ՝ "