"ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան նշեց այն երեք կէտերը՝ նոր, արդիական բանակ եւ սպառազինութիւն ունենալու համար: Այդ երեք կէտերն են՝ ձեռք բերել նոր եւ բարձրորակ սպառազինութիւն, սեփական հողի վրայ զէնք արտադրել, երրորդ՝ միջնորդներ թոյլ չտալ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զէնք արտադրող ձեռնարկութիւններուն միջեւ: Բանակի բարեփոխումներուն հիմնական նպատակն է երաշխաւորել Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը՝ բոլոր սպառնալիքներուն դիմաց: Նախարարը շեշտեց, որ Ռուսաստան կարեւոր դեր պիտի խաղայ այս երեք կէտերը իրականացնելու տեսակէտէն: Ռուսաստանի աջակցութիւնը պիտի ընդգրկէ օգնել Հայաստանին՝ զէնքի սեփական արտադրութեան հարցով՝ համատեղ ձեռնարկութիւն հիմնելով: Ամբողջական լուրը՝ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝ "