" Հինգշաբթի, 12 Օգոստոս 2021-ին ՀՀ կառավարութեան ընդունած որոշումին համաձայն՝ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը օգնութիւն պիտի տրամադրէ այն գործատուներուն, որոնք աշխատանքի կ'ընդունին վիրաւորուած կամ հաշմանդամ դարձած զինծառայողները: Ըստ նախարարութեան՝ աշխատանքի ընդունուած իւրաքանչիւր զինծառայողի համար գործատուն պիտի ստանայ աշխատողին ամսավարձէն եռամսեակային եկամտահարկի աջակցութիւն՝ մինչեւ 100.000 դրամ՝ մէկ տարի ժամկէտով: Աւելին՝ գործատուները նաեւ պիտի ստանան միանուագ փոխհատուցում՝ մինչեւ 500.000 դրամ, եթէ իրենց հաշմանդամ աշխատողներուն համար որեւէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ աշխատատեղին սարքաւորելու: "