50-ին մօտեցող պեռլինաբնակ Արչի Կալենց որոշած է արուեստի յատուկ ցուցահանդէսով նշել իր ծննդեան 50-ամեակը: Ձեռնարկին, որ կը կոչուի «Անձնական ակումբ», ի տարբերութիւն ուրիշներու՝ ներկայ պիտի գտնուին միայն ընկերներ եւ գործընկերներ: Կալենց ըսած է, որ փոքրաթիւ մարդիկ հիւրընկալելու պատճառը ոչ միայն համաճարակն է, այլ նաեւ այն, որ անյարմար է շքեղ տօնախմբութիւն իրականացնելու այն պահուն, երբ քու հայրենիքդ կ'ինքնաոչնչացուի եւ կը լուծարուի թաքուն ներուժներու երազներուն մէջ»: Ձեռնարկին ներկայ գտնուող ընկերներ ու ընտանիքներ պիտի տեսնեն ութ գործեր՝ իւրաքանչիւրը ստեղծագործական տարբեր ժամանակաշրջանէ, որ կ'ապրի Կալենցի մտքերուն ու գործունէութեան մէջ: Կալենց ծնած է 1971-ին Մոսկուա նկարիչներու ընտանիքի մէջ: Յաճախած է Երեւանի Արուեստի ու թատրոնի պետական համալսարանը, իսկ երեք տարի ետք որպէս այցելու աշակերտ սկսած է հետեւիլ Պեռլինի Արուեստի համալսարանի դասընթացներուն: 1997-ին ստացած է մագիստրոսի վկայականը: Մասնակցած է աւելի քան 80 խմբային ցուցահանդէսներու, կազմակերպած է աւելի քան 20 ցուցահանդէսներ եւ ունեցած բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ 2000 թուականէն ի վեր: 2012-ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը զինք պարգեւատրած է «Արշիլ Կորքի» մետալով: