"Ալաքանանտա Նակի նոր գիրքը, որ ամբողջ տասնամեայ աշխատանքի արդիւնք է, ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս հայ համայնքին պատմութիւնը անմիջականօրէն միահիւսուած է քաղաքի պատմութեան հետ: «Հայերը Կալկաթայի հիմնադիրնե՞րն են»,– հարց կու տայ հեղինակը: Առաջին հայկական հետքը կարելի է գտնել դեռ 1630-էն. մահացած Սուքիասի կնոջ՝ Ռիզապիպէի գերեզմանը, ինչը վաթսուն տարի առաջ էր Ճոպ Չարնոքէն՝ բրիտանացի գործավարէն, որ ոտք կոխած է այս ափերուն, եւ աւանդաբար կը նկատուէր քաղաքին հիմնադիրը: Ի դէպ, ոմանք քայլաքարեր կը համարէին զանոնք բրիտանացիներուն համար: Հայ մեծահարուստ վաճառականներ, որոնք ծանօթ էին երկրին ու լեզուին, կ'օգնէին բրիտանացիներուն՝ հաստատելու իրենց իշխանութիւնը: Հայերը սփիւռքեան համայնք են: Անոնք, ուր ալ որ երթան, կը բնորոշուին փայլելու եւ ծաղկելու յատկութեամբ: Եւ անոնք փայլեցան Կալկաթայի մէջ եւս: Առեւտուրէն մինչեւ ճարտարապետութիւն, հիւրանոցներ, ածխահանք, հրատարակչութիւն: Անոնք պէտք է այստեղ մնային: Ինչո՞ւ ձգեցին-հեռացան: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Scroll.in»-ի յօդուածը՝ "