Թիֆլիսի Ազատութեան հրապարակին շուրջ ցուցադրուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէս մը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Պաքուի Սումկայիթեան ջարդերէն նկարներ, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Նախիջեւանի մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ իրագործուած մշակութային ցեղասպանութիւնը: Ներկայացումը սկսելէն մօտաւոր երկու ժամ ետք ցուցահանդէսը տեղափոխուեցաւ ու շարունակուեցաւ Վրաստանի նախագահի նստավայր:
Source: https://www.facebook.com/armcommunityge/posts/3782241791892954