"Հազարաւոր մարդիկ հաւաքուեցան «Հայկական փառատօն»-ին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 5-ին Մասաչուսեթսի Սփրինկֆիլտ քաղաքի սբ. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ: Մթնոլորտը հաճելի էր, մարդիկ կը պարէին ժողովրդական անժամանակ երաժշտութեան տակ: Այցելուները միայն հայեր չէին: Արդէն կարեւոր չէր հայ ըլլալը՝ վայելելու կերակուրը, փախլաւան եւ խմորեղէնները: Պէտք է ըսել, որ եկեղեցւոյ փառատօնը մեծապէս կախուած է քաղաքի մերձակայքը բնակող մարդոց աջակցութենէն: «Իրաւամբ հոյակապ էր: Անցեալ տարի նշանակալի աջակցութիւն ցուցաբերեց համայնքը: Իսկ այս տարի մենք կրցանք ի մի հաւաքել բոլորը՝ առիթ տալով վայելելու այս մթնոլորտը»,– ըսաւ «Հայկական փառատօն»-ի կազմակերպիչ Թալին Ճերմակեան: Ինչպէս անցնող 25 տարիներուն, «Հայկական փառատօն»-ին ծխականներն ու հարեւանները վայելեցին համեղ ճաշատեսակներն ու ժողովրդական երաժշտութիւնը: Անոնք պարեցին մեծ ոգեւորութեամբ՝ պահելով աւանդոյթները, որոնք դարաւոր պատմութիւն ունին: "