"ՀՀ կառավարութիւնը երէկ հաւանութիւն տուաւ Արագածոտնի մարզին մէջ 30 միլիառ դրամի (62 մլն տոլար) ձմեռնահամալիր կառուցելու ծրագիրին: 2.080 հեքթար համալիրը պիտի կառուցէ «Mailer Mountain Resort» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը, որ կը պատկանի նախկին պատգամաւոր Վահան Յարութիւնեանի եղբօրը՝ Տիգրան Յարութիւնեանին: Ընկերութիւնը կը հաւաստէ, որ շինարարական փուլին աշխատանքի հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի 250 հոգիի, իսկ ծրագիրը կեանքի կոչուելէ ետք՝ 1.500: Նշենք, որ հանգստավայրը պիտի ունենայ հիւրանոց մը, ճոպանուղիներ եւ խաղատուն մը: Ընկերութիւնը նաեւ կը նշէ, որ տարեկան մինչեւ 50.000 յաճախորդ պիտի ընդունի եւ, բաւականաչափ եկամուտ ապահովելով, պիտի կարենայ 1,2 միլիառ դրամ հարկ վճարել: Երբ ծրագիրը կառավարութեան ներկայացուեցաւ, ի յայտ եկաւ, որ ծրագիրին մէջ խաղատան ընդգրկումը լայն քննարկումներու առարկայ պիտի դառնայ՝ թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումով: Ամբողջական լուրը՝ "