"ՀՀ կառավարութեան որոշումով՝ Արցախի Հանրապետութեան պիտի տրամադրուի 27,1 միլիոն տոլար: Ելեւմուտի նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշած է, որ այդ գումարէն 2,4 միլիոն տոլարը պիտի ուղղուի բնակիչներու ծախսերու փոխհատուցման ծրագիրին, իսկ 24,7 միլիոն տոլարը պիտի յատկացուի որպէս միջպետական վարկ: Միջպետական վարկը Արցախի կառավարութեան պիտի տրամադրուի տարեկան 0,001% տոկոսադրոյքով՝ 2025 թուականի Յունուար 1 ժամկէտով։ "