"Հայ աշակերտներ հինգ մետալ նուաճեցին թուաբանութեան միջազգային 62-րդ մրցոյթին: Այս մասին կը յայտնէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը: Մրցոյթը, որ կազմակերպած է ՌԴ-ը, առցանց ձեւաչափով եւ երկու փուլերով տեղի ունեցաւ Երեւանի Քուանտ գոլէճին մէջ: Ընդհանուր առմամբ մասնակցեցաւ 619 աշակերտ 107 երկրէ: Հայկական խումբը կը ներկայացնէին 6 աշակերտներ, որոնցմէ 5-ն՝ Շահինեանի անուան բնագիտական ու թուաբանական յատուկ դպրոցէն, իսկ 1-ը՝ Քուանտ գոլէճէն: «Հայաստանի հանրային ռատիոկայան»-ի ամբողջական զեկոյցը՝ "