Սեպտեմբեր 21 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ մինչեւ 2050 կը փափաքի Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնել առնուազն հինգ միլիոն մարդու: Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան իր իշխանութեան ընթացքին ըսած է, որ մինչեւ 2040 հնարաւոր է երկրի բնակչութիւնը հասցնել չորս միլիոնի: Ըստ ՄԱԿ-ի նախատեսութեան, այնուամենայնիւ, 2050 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի կարենայ հասնիլ 2,7 միլիոն մարդի, իսկ 2100-ին` 1,8 միլիոնի: Այս նախատեսումները կատարուած էին երկու տարի առաջ, երբ տակաւին նկատի չէին առնուած քորոնա համաճարակի եւ Արցախեան պատերազմի ազդեցութիւնները Հայաստանի ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ: Գիտնականներու կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ ժամանակի ընթացքին կը խորանայ ժողովրդագրական ճգնաժամը: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տե՛ս «Հետք»-ի յօդուածի ստորեւ նշուած հղումը