"Երկիրները, ինչպէս եւ մարդիկ, լուրջ կորուստէ մը ետք կ'անցնին վիշտի այս հինգ փուլերէն: Ըստ Կիւպլեր Ռոսի՝ անոնք են՝ ժխտում, զայրոյթ, սակարկութիւն, ընկճախտ եւ ընդունում: 2020-ը դժուար տարի էր բոլոր երկիրներուն համար: Պսակաձեւ ժահրը եւ տնտեսական անկումը բացասաբար ազդեցին բոլորին վրայ: Առանձնապէս դժուար տարի էր նաեւ Հայաստանի համար ալ, որովհետեւ, բացի պսակաձեւ ժահրի աւերներէն, ան Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին մեծ պարտութիւն կրեց՝ նիւթական վնասներէն բացի ունենալով մարդկային կորուստներ: 2021-ի առաջին կիսուն Հայաստան փորձեց վերջ տալ ներքաղաքական անկայունութեան՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու երթալով Յունիսին: Իրողութիւնը այն է, որ Հայաստան բազմաթիւ կորուստներ ունեցաւ, այնքան մը, որ մենք ազգովի դեռ չհասանք հինգերորդ փուլը՝ ընդունում եւ յոյս: Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը ուղին գտնէ հինգերորդ փուլ հասնելու, դադրի գանգատելէ եւ իր խնդիրներուն համար ուրիշը մեղադրելէ: Որպէսզի հինգերորդ փուլ հասնինք, ընդունումը պէտք է նախորդէ անոր: Ամբողջական լուրը՝ «CivilNet»-ի վրայ՝ "
https://www.civilnet.am/news/628669/armenias-five-stages-of-grief/?lang=en