"Հայ աշակերտ Գէորգ Աւանեսեան 2021-ի կենսաբանութեան 32-րդ միջազգային մրցոյթին նուաճած է արծաթէ մետալ: Այս մասին կը յայտնեն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն: Փորթուկալի կազմակերպած ու հիւրընկալած սոյն մրցոյթը տեղի ունեցաւ Յուլիս 18-էն 23 առցանց ձեւաչափով: Նշենք, որ 76 երկիրներէ աւելի քան 304 աշակերտ մասնակցեցաւ: Հայաստան ունէր չորս ներկայացուցիչ: "