Որոշ թիւով հայեր, մասնաւորաբար Հայաստանէն ու Արցախէն, շարունակ կը մեղադրեն սփիւռքահայերը՝ ըսելով, թէ անոնք չկամաւորագրուեցան ու չպաշտպանեցին Արցախը հայ-ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմին: Սկսելու համար յայտնենք, որ Սփիւռքը ձախողանք մը չէ: Անով է, որ այսօր կենդանի կը մնայ Հայաստանը: Սփիւռքի բարեսիրական զանազան կազմակերպութիւններուն եւ ծաւալած քաղաքական գործունէութեան շնորհիւ կտրուկ կ'աւելնայ Հայաստանին տրամադրուող նիւթական թէ ռազմական օժանդակութիւնը: Օր մը բարեբախտաբար պիտի վերադարձուին բռնագրաւեալ հողերը: Եթէ այդ մէկը իրականանայ, ապա անոր մէջ մեծ պիտի ըլլայ սփիւռքահայոց դերակատարութիւնը: Պէտք է ըսել, որ արցախեան վերջին պատերազմին արեւմտեան քրիստոնեայ երկիրները կրնային ռազմական յաւելեալ օգնութիւն ցուցաբերել Հայաստանին, սակայն չցուցաբերեցին: Իսկ Թրամփի վարչակարգը առանձին թողուց Հայաստանը: Ուստի եկէ՛ք, յարգենք միմեանց տեսակէտները եւ քննադատաբար չմօտենանք իրարու: Մենք պէտք է աշխատինք միասնական մնալ՝ անկախ անկէ, թէ Սփիւռքի մէջ կ'ապրինք կամ Հայաստան: Մեր միակ փրկութիւնը միասնականութիւնն է: