Լիբանանի մէջ իրավիճակը ահաւոր է: Մարդոց մեծամասնութիւնը օրական ընդամէնը չորս ժամ ելեկտրականութիւն ունի: Նկատի առնելով այս՝ «Մայրիկ» ճաշարանը ինսթակրամեան գրառումով մը յայտարարած է. «Մեր դռները բաց պիտի մնան, այնքան ատեն որ վառելանիւթ կայ մեր ելեկտրածին սարքերուն մէջ: Ստիպուած չէք որեւէ բան ապսպրելու: Սա ազնուութեան արարք է: Դուք կրնաք անոր փոխարէն պարզապէս վճարել կարիքաւոր մէկու մը»: Ուրիշ ընկերութիւններ եւս հետեւած են «Մայրիկ»-ին՝ թոյլ տալով, որ մարդիկ օգտագործեն իրենց ելեկտրականութիւնը անհրաժեշտութեան պարագային:
https://www.instagram.com/p/CSi8W0eMqTC/?utm_medium=copy_link