Հակառակ երկու երկիրներու քաղաքական ջերմ կապերուն, Անքարա չի շտապեր երկարաձգելու պայմանագիրը՝ համարելով, որ Թուրքիա կը գերակշռէ զայն: Ազրպէյճանէն Թուրքիա կազի արտահանման պայմանագիրը հասած է իր ժամկէտին, որուն հետեւանքով Պաքու կը մնայ առանց իր ամենամեծ կազ սպառողի եկամուտին: BP, որ կը ղեկավարէ Ազրպէյճանի «Շահ Տենիզ» կազի հանքավայրը շահագործող միջազգային ընկերակցութիւնը, ուրկէ կազը կ'արտադրուի եւ Թուրքիոյ կը վաճառուի, «Eurasianet»-ին հաստատեց, որ պայմանագրի ժամկէտը լրանալէն ետք ապրիլ 17-ին հոսքը դադարեցուած է, բայց երկարաձգման բանակցութիւնները «որոշ ժամանակ կը շարունակուին»: 2001-ին ստորագրուած պայմանագիրով` Թուրքիայի պետական ներածող «Botas» ընկերութիւնը, Ազրպէյճանի կազամատակարարման ընկերութենէն (AGSC), որ Կասպից ծովի «Շահ Տենիզ» կազի հանքավայրը շահագործող վեց ընկերութիւններու միջազգային համաձայնութիւնը ներկայացնող հաստատութիւնն է, տարեկան կազի կը ներածէր մինչեւ 6,6 միլիար խորանարդային մէթր կազ: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տես «Eurasianet»-ի յօդուածը:
https://eurasianet.org/azerbaijan-faces-revenue-cuts-as-gas-exports-to-turkey-halted