Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունեայ Միյաթովիչ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ուղղուած իր նամակին ընդմէջէն դատապարտեց Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ռազմական «Ազատութեան Այգի»-ի բացումը: «Կը համարեմ, որ նման պատկերներ խիստ անհանգստացնող եւ նուաստացուցիչ են», - ըսաւ յանձնակատարը: «Այսպիսի ցուցադրում կրնայ միայն աւելի սրել եւ ուժեղացնել երկարամեայ թշնամական տրամադրութիւնները, ատելութեան խօսքերը, եւ բազմապատկել ու խթանել անհանդուրժողականութեան դրսեւորումները»:
https://rm.coe.int/letter-to-mr-ilham-aliyev-president-of-the-republic-of-azerbaijan-by-m/1680a2364c