Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու որոշ սահմանային տարածքներուն վրայ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու գրգռիչ գործողութիւններէ ետք ստեղծուած իրավիճակը կը մնայ անփոփոխ, յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Գիշերը ազրպէյճանական կողմը փորձեց կատարել որոշակի համեմատակական աշխատանքներ, ինչը հայկական ստորաբաժանումները կանխեցին: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ երեք ուղղութիւններով ալ, ուր Ազրպէյճանի զինուած ուժերը փորձեցին դիրքային յառաջխաղացում ունենալ, անվտանգութեան բոլոր հնարաւոր միջոցները կը գտնուին Հայաստանի զինուած ուժերու լիակատար վերահսկողութեան տակ, այսինքն՝ անոնք զրկուած են զէնքը եւ այլ միջոցներ հայթաթելու հնարաւորութենէն: Իրավիճակը կայուն է, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչները որեւէ ամրապնդման գործողութիւն չեն իրականացներ եւ չեն ալ փորձեր սրել իրավիճակը: Իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները պիտի շարունակուին այսօր՝ ժամը 14: 00-ին: