Երկուշաբթի օր Գանատա չեղեալ յայտարարեց անօդաչու թռչող սարքերու արհեստական արտահանման բոլոր արտօնագիրները, այն եզրակացութենէն ետք երբ այդ սարքաւորումները գործածուեցան Արցախի մէջ հայկական ուժերի դէմ կռուող ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ, յայտնեց Արտաքին գործոց նախարար Մարք Կարնօ: «Այս օգտագործումը չի համապատասխանէր Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան, եւ ոչ ալ Թուրքիոյ կողմէ տրուած վերջնական օգտագործման երաշխիքներուն»,- նշուեցաւ Կարնոյի յայտարարութեան մէջ` աւելցնելով, որ ինքը իր մտահոգութիւնները բարձրացուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի հետ: Անցեալ աշնան, արտահանման վերահսկման կայուն մեր ռեժիմին համաձայն, Գանատայի կառավարութիւնը կասեցուց ռազմական գոյքերու եւ արհեստագիտական գործիքներու Թուրքիա արտահանման արտօնագիրները՝ մինչեւ որ ռազմական գործողութիւնների ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ գանատական արհեստագիտական գոյքերու օգտագործման մասին մեղադրանքներու հետաքննութեան արդիւնքները չբացայայտուին: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար կրնաս ստուքել Հայաստանի հանրային ռատիոյի յօդուածը: