Սրտաբան-վիրաբոյժ Բագրատ Ալեքեան պարգեւատրուած է Ալեքսանդր Նեւսկիի շքանշանով

cardiologist-surgeon-bargrat-alekyan

"ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանով՝ Բագրատ Ալեքեան պարգեւատրուած է Ալեքսանդր Նեւսկիի շքանշանով՝ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարին մէջ ունեցած ներդրումին համար: Ալեքեան Ռուսաստանի առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր մասնագէտն է ներանօթային ախտորոշումի եւ բուժումի գծով: Ան Ռուսաստանի առողջապահական համակարգին մէջ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ կը զբաղեցնէ, 1999 թուականէն՝ ՌԴ սրտանօթային վիրաբոյժներու ընկերակցութեան ներանօթային վիրաբոյժներու բաժանմունքի նախագահի պաշտօնը: Բացի այդ՝ Ալեքեան Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս է, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ եւ սրտաբան-վիրաբոյժ եւ այլն: Ալեքեան ՌԴ առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ռուսաստանի բժշկական գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահութեան ներանօթային վիրաբուժութեան հիմնախնդրային յանձնաժողովի նախագահն է: Ան աւելի քան 700 գիտական աշխատութեան, այդ կարգին՝ 11 մենագրութեան եւ գիրքի հեղինակ է: Իր աշխատութիւնները կը վերաբերին սրտի եւ արեան անօթներու ներանօթային ախտորոշումի եւ բուժումի հարցերուն։ Իր գիտական մշակումներուն եւ զանոնք կիրարկութեան մէջ դնելուն համար Բագրատ Ալեքեան 2015 թուականին արժանացած է ՌԴ կառավարութեան գիտութեան եւ արհեստագիտութեան բնագաւառի մրցանակին: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալ «Լուրեր» կայքէջին մէջ՝ "

https://www.1lurer.am/en/2021/08/23/Cardiologist-surgeon-Bagrat-Alekyan-awarded-Alexander-Nevsky-Order/541526

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *

Պատասխանել

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով