"Օգոստոս 19-ին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան երախտագիտութեան մետալ յանձնեց քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Կրեկորեանին: Մետալը տրուեցաւ վարչապետին յանձնարարականով: «Իր հայակեդրոն երկարամեայ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած մեծ աւանդին համար Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Կրեկորեանը կը պարգեւատրուի ՀՀ երախտագիտութեան մետալով»,– ըսուած է նախագահական հրամանագիրին մէջ: Կրեկորեան մեծապէս նպաստած է 2012-ի «Լոս Անճելըս-Շուշի բարեկամական քաղաք» համաձայնագիրի ընդունման, 2013-ին Լոս Անճելըսի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան՝ որպէս անկախ պետութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւն ցուցաբերած է 44-օրեայ պատերազմին: Կրեկորեան երախտագիտութիւն յայտնեց այս առթիւ՝ նշելով, որ ան ընդամէնը իր պարտականութիւնը կը կատարէ եւ միշտ պատրաստ է կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի կողքին: «Մենք պէտք է միշտ մեր հայրենիքին կողքին ըլլանք եւ զայն պաշտպանենք»,– ըսած է Կրեկորեան: "