Յուլիս 31-ին բացուեցաւ Տեպետի վերանորոգուած ու վերաձեւաւորուած գիւղապետարանը (Լոռի մարզ), որ տեղի բնակչութեան տրամադրեց աշխատանքային նոր տարածք, խորհրդաժողովի սենեակ մը, ինչպէս նաեւ 21-րդ դարու պատշաճ գրադարան մը՝ «Գրադարակ Տեպետ»: Բազմագործառոյթ ու նորարար գրադարանը, որ կը գտնուի գիւղապետարանին երկրորդ յարկը, արդիւնք է նոյնինքն Տեպետի քաղաքապետարանի, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի ու «Գրադարակ գրադարաններ» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան գործակցութեան: Ի դէպ, ան միայն գրադարան չէ. հոն կարելի է կազմակերպել սեմինարներ, աշխատաժողովներ ու այլ միջոցառումներ: Գրադարանը բաց է երեք տարեկանէն վեր մարդոց համար: Այնտեղ կարելի է գտնել տարբեր սարքեր, ինչպէս՝ համակարգիչներ, լուսարձակ մը, մեծ պաստառ մը եւ դեռ աւելին: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին հասանելի է գրադարանը, որուն գործառնական ծախսերուն մէկ մասը կը հոգայ գիւղապետարանը: