2018-2020 թուականներուն ընթացքին, Հայաստանի տնտեսական աճին զուգահեռ, ստուերային տնտեսութիւնը նշանակալից կերպով նուազեցաւ: Կառավարութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը Հայաստանի ստուերային տնտեսութեան կրճատման մասին տեսանիւթ մը հրապարակեց, որուն մէջ կը նշուի, որ պետական եկամուտը աճած է աւելի քան 40 տոկոսով, ինչը հնարաւորութիւն տուած է ընդլայնելու ընկերային, առողջապահութեան եւ կրթութեան ծախսերը, բարձրացնել հանգստաթոշակները, աշխատավարձերը եւ աննախադեպ աստիճանով կառուցել ու բարելաւել ճամբաները: