Խառն մարտարուեստներու հոլանտահայ մարզիկ Գեղարդ Մուսասի կը շարունակէ փայլուն ելոյթ ունենալ «Bellator» միջին քաշի կարգին մէջ՝ պաշտպանելով Ճոն Սոլթըրի դէմ Անքասվիլ, Քոնեքթիքութ քաղաքին մէջ Օգոստոս 13-ին 84 քկ-ի առաջնութիւնը: Մուսասի, որ ընդամէնը երկու անգամ պարտուած է (ընդհանուր՝ 57 մենամարտէ) իր ամբողջ մարզական գործունէութեան ընթացքին, Սոլթըրի նախայարձակումին դիմակայելէ ետք, երրորդ խաղամիջոցին յաջողած է կործանիչ հարուած հասցնել անոր: Նախատեսուած է, որ Մուսասի յառաջիկային մրցի Օսթըն Վատըրֆորտի դէմ: Վերջինս արձանագրած է 11-0 հաշիւ: Մուսասի առաջին գօտին նուաճած է 2018-ին եւ զայն պաշտպանած անգամուան մը համար, նախքան Ռաֆայէլ Լովաթոյ-կրտսերէն պարտութիւն կրելը: