Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնած է կարգաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: Ան մասնաւորաբար ըսած է. «Մենք կրնանք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի կառավարութեան հետ, որ, իր կարգին, նոյնպէս պատրաստակամութիւն յայտնած է այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու»: Էրտողանի մեկնաբանութիւնները հնչեցին յետ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կառավարութեան Ուրբաթ օրուան նիստին կատարած յայտարարութեան, ուր ան նշեց, որ թրքական կողմէն դրական ազդակներ կան: Էրտողան անդրադարձաւ տարածաշրջանին մէջ կառուցողական նոր մօտեցում որդեգրելու անհրաժեշտութեան՝ նշելով, որ այս կարգաւորումը պիտի սկսի, երբ կողմերը խուսափին միակողմանի մեղադրանքներէ եւ պատմութիւնը որպէս թշնամանքի աղբիւր օգտագործելէ»:
https://www.panarmenian.net/eng/news/295165/Erdogan_says_ready_to_gradually_normalize_relations_with_Armenia
https://en.armradio.am/2021/08/29/erdogan-declares-willingness-to-work-towards-normalization-of-relations-with-armenia/