"Ազրպէյճանի դատավարութեան մէջ գտնուող լիբանանահայը կը պայքարի իր ազատութեան համար: "

Վիքէն Էօլճէքճեանին վրայ ահաբեկչութեան հետ կապուած մեղադրանքներ կ'առաջադրուին: Ազրպէյճանը կը պնդէ, որ Վիքէնին առաջարկուած է 2500 ԱՄՆ տոլար վերջին պատերազմին, որպէսզի պատերազմի ընդդէմ Ազրպէյճանին , բայց անոր ընտանիքը կը պնդէ, որ այսպիսի բան մը չկայ եւ կը պահանջեն Վիքէնին ազատ արձակումը: Անոր դուստրը ՝ 18 տարեկան Քրիստինը «The961»-ին փոխանցեց, որ չնայած իր հայրը կամաւոր պայքարած է իր երկրի համար, բայց ան երբեք պատերազմի մասնակից չէ եղած: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, Վիքէնը լիբանանահայ մըն է, որ Հայաստանի կառավարութեան խոստացած էր տուն ունենալ Արցախի մէջ: Պատերազմէն առաջ, Վիքէնը կը գտնուէր Արցախի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ, իսկ պատերազմի ժամանակ, ան մնաց Երեւան՝ իր նշանածին, լիբանանահայ՝ Մարալ Նաճարեանին եւ անոր քրոջ՝ Անի Նաճարեանին հետ: Զինադադարի ստորագրումէն ետք, Վիքէնը կը զանգէ հիւրանոց, որպէսզի տեսնէ եթէ ինքը եւ Մարալը կրնան հաւաքել իրենց ձգած իրերը: Քրիստինը կ'ըսէ, որ այն ժամանակ, որեւէ օրէնք չկար, որ հայերը չեն կրնար մտնել այդ շրջանները, սակայն ազրպէյճանի զինուորները անոնց կեցուցին,ձեռքերնէն խլեցին անոնց անձնական իրերը եւ պատանդ պահեցին Վիքէնին եւ Մարալին: Մարալը 4 ամիս գերութենէն ետք ազատ կ'արձակուի, բայց Վիքէնին ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անորոշ: Անոր ընտանիքը կը շարունակէ պահանջել իրեն ազատութիւնը:

https://www.the961.com/exclusive-vicken-euljekjian-family/

ԿԻՍՎԵԼ

Թողնել մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվի։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *

Պատասխանել

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով