"«Flagship Pioneering»- ի մէջ գտնուող «Moderna»- ի պաշտօնատուները, որ Covid-19-ի պատուաստի արտադրութեամբ կը զբաղին, այսօր յայտարարեցին, որ նոր հիմնադրամի մը համար հաւաքեցին 3,4 միլիար տոլար: Հիմնադրամը հսկա հը համարուի, որովհետեւ ներդրումները տեղի կ'ուենան դէպի «Biotechnology» եւ բուժական նիւթեր: Առանձնացուած հիմնադիր՝ Նուպար Աֆէյեանը, որ կ'արժէ 2,9 միլիար տոլար, իր գործի ընթացքին օգնած է աւելի քան 50 պետական եւ մասնաւոր առողջապահութեան եւ կեանքի գիտութիւններու ընկերութիւններու ստեղծմանը: «Այս հիմնադրամը կը պատրաստէ մեր յաջորդ առողջ սերունդը», - ըսաւ Աֆէյեանը «Forbes»- ին: «Անցեալ տարուան փորձը կը յիշեցնէ, որ գիտութիւնն ու արուեստագիտութիւնը կրնան շատ մեծ դեր ունենալ ցանկացած քանակի հիւանդութիւններուն հետեւանքներուն մէջ»: Նոր դրամագլուխով հիմնադրամը մտադիր է ներդրումներ կատարել բուժական նիւթերու, գիւղատնտեսական եւ սննդային ոլորտներուն մէջ: Այն նաեւ կը կառուցէ նոր բաժանմունք մը , որ պիտի կեդրոնանայ կանխարգելիչ բժշկութեան եւ առողջութեան անվտանգութեան վրայ ՝ աւելի լաւ պաշտպանելու մարդոց առողջութիւնը նախքան հիւանդանալը եւ աւելի լաւ պատրաստուելու յետագայ վարակիչ հիւանդութիւններուն: Ամբողջական պատմութիւնը կարդալու համար, ստուգեցէ՛ք «Forbes»- ի վրայ տեղադրուած յօդուածը: "