"Ճատրակի յառաջատար կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան պիտի մեկնի Ամերիկա՝ այսուհետեւ հանդէս գալու ամերիկեան դրօշին տակ: Նախքան մեկնիլը կրանտմասթըրը հանդիպեցաւ իր եւ Գաբրիէլ Սարգսեանի հիմնած ճատրակի դպրոցի աշակերտներուն, որոնցմէ մէկը իրեն հարցուցած է, թէ կը փափաքի՞ հանդէս գալ ուրիշ դրօշի մը տակ՝ հայկականէն բացի: Արոնեան պատասխանած է. «Երբեք չէի ուզեր խաղալ ուրիշ դրօշի տակ: Ինծի համար մեր դրօշէն աւելի քաղցր դրօշ չկայ: Դժբախտաբար, այսպէս պիտի ըլլար, բայց միայն կրնամ ըսել, որ իմ կամքովս չէ այս»: Արոնեան դժգոհութիւն յայտնած էր ճատրակի նկատմամբ հայ պաշտօնատարներու՝ անցնող մի քանի տարիներուն ցուցաբերած անտարբերութեան առթիւ: Այնուամենայնիւ, հիմա որ կը մեկնի ան Հայաստանէն, աշակերտներուն ըսած է, որ սա հրաժեշտ չէ: Ան մեկնաբանած է ճատրակի աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան Հայաստանը ներկայացնելու հաւանականութեան՝ ըսելով. «Տակաւին չեմ գիտեր՝ պիտի ներկայացնեմ Հայաստանը աշխարհի գաւաթին, թէ ոչ, բայց հաւանաբար՝ ոչ: Տխուր եմ ասոր համար»: "
https://www.theguardian.com/sport/2021/feb/26/levon-aronian-leaving-armenia-united-states