"Մալաթիոյ քաղաքին մէջ սբ. Երրորդութիւն եկեղեցին պիտի վերաբացուի՝ 1915-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Այսուհետեւ կառոյցը պիտի ծառայէ ե՛ւ որպէս եկեղեցի, ե՛ւ որպէս մշակութային կեդրոն: Եկեղեցին կը գտնուի անուանի հայ լրագրող Հրանդ Տինքի մեծցած թաղամասին հարեւանութեամբ: Բացման արարողութեան ներկայ էին Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան եւ Ատըեամանի ու յարակից նահանգներու արքեպիսկոպոս եւ փոխպատրիարք Կրիորիոս Մելքի Իւրեք, ինչպէս նաեւ Մալաթիոյ նահանգապետը: «Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բացումը նշանակալից իրադարձութիւն է: Սա տօն է Մալաթիոյ հայերուն համար»,– նշած է պատրիարքը: Առաջին պատարագը տեղի ունեցաւ այսօր՝ 29 Օգոստոս 2021-ին: "