"Ճոնի Պուֆարհաթ սրտնեղած էր: 2015-ին դիւրազգացիկ հազուադէպ հակազդեցութիւն մը թուլացուց իր ախտամերժ համակարգը՝ իրեն զգացնելով մարդոց հետ շփումի կարիքը՝ տրուած ըլլալով, որ ան երբեք դուրս չէր ելլեր՝ առողջական յաւելեալ խնդիրներ կանխելու համար: 2019-ի սկիզբը այդ սրտնեղութիւնը զինք ծրագրաւորելու մղեց Լոնտոնի իր բնակարանի խոհանոցին մէջ՝ առցանց միջոցառումներու հարթակի մը համար, որ յայտնի դարձաւ «Hopin Ltd» անունով: Այս հարթակը օգտատէրերուն թոյլ կու տայ մասնակցելու հարցալոյծ նիստերու՝ միջոցառումներու ժամանակ, եւ հաղորդակցելու մասնակիցներուն հետ՝ տեսահանդիպումներու միջոցով: Պուֆարհաթի բաժնեմասը կը կազմէ 3,2 միլիառ տոլար, ինչը զինք կը դարձնէ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ միլիառատէրերէն մէկը՝ ըստ «Bloomberg Billioniares Index»-ի: Պուֆարհաթ ծնած է Աւստրալիա հայ եւ լիբանանցի ընտանիքի մը յարկին տակ: Յետոյ անցած է Միացեալ Թագաւորութիւն, երբ դեռ պատանի էր: Ամբողջական լուրը կարդալ «NDTV»-ի մէջ՝ "