Մեկնաբանելով նոր փաստաթուղթի ստորագրման լուրերուն, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ ձեռք բերուած նախնական համաձայնութիւնները «100 տոկոսով» համահունչ են Հայաստանի շահերուն: «Այն լուծումները, որոնք մեր միջազգային գործընկերներուն հետ մինչեւ այս պահս ձեռք բերուած են, նախնական համաձայնութիւնները 100 տոկոսով կը համապատասխանեն Հայաստանի շահերուն, ոչ թէ 99,9 տոկոս, այլ 100 տոկոս: Այո, եթէ Ազրպէյճան մեր քննարկած պայմաններուն մէջ իրագործէ այդ համաձայնագիրները, ես պատրաստ եմ ստորագրելու այդ փաստաթուղթը: Ես չեմ պատրաստուիր այդ փաստաթուղթը հիմա հրապարակել, քանի որ այն անտեղի է, ան տակաւին վերջնական չէ, բանակցութիւններ կը շարունակուին, առաջարկներ կան եւ այլն»,- ըսաւ ան: