"2022-էն սկսեալ Հայաստան պիտի արգիլէ կազմողական տոպրակներու օգտագործումը՝ միջավայրի կեղտոտուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով: Այսպիսով ամէն տարի տասներկու թոն կազմողական տոպրակ դուրս պիտի գայ շրջանառութենէ: Այս մասին յայտնեց ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան ռազմավարական քաղաքականութեան պետ Լուսինէ Աւետիսեան՝ աւելցնելով, որ գետայատակներուն կազմողական նիւթերով «ողողուած» ըլլալու իրողութիւնը յանգեցուցած է սոյն որոշումին: Ի դէպ, մինչեւ օրէնքի ընդունումը ձեռնարկութիւնները 2-3 տարի ունէին՝ իրենց արտադրութիւնը վերաձեւելու եւ այլընտրանքային լուծումներ գտնելու համար: Ընկերութիւնները կազմողական տոպրակներու այլընտրանքներ կը ներկայացնէին՝ առաջարկելով մէկանգամեայ օգտագործման, ինչպէս նաեւ վերօգտագործման տոպրակներ: Կազմողական տոպրակներու արգելքը մեծ ծրագիրի մը ընդամէնը մէկ մասն է: Յառաջիկային ուրիշ կազմողական տոպրակներ եւս պիտի արգիլուին: "