"20-րդ դարու սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մետաքսի արտադրութեան գագաթնակէտին, հարիւրաւոր հայ եւ սուրիացի հիւսողներ Նյու Ճերսի նահանգի Սամիթ քաղաքը գաղթեցին՝ աշխատելու անոր ջաղացներուն մէջ: Երբ նկարիչ Պրայան Զանիսնիք գեղարուեստական յանձնաժողովի համար սկսաւ քաղաքը ուսումնասիրել, որոշեց յուշարձան մը ստեղծել, որ թէ՛ կը պատուէ այս «մոռցուած պատմութիւնը», եւ թէ՛ անոր արխիւները յայտնաբերէ, որպէսզի ներկայիս բնակիչները զայն կարենան գնահատել: «Այս բանուորները, որոնք եկած էին [պատմական] Հայաստանէն ու Սուրիայէն, իրոք կառուցեցին այս քաղաքը եւ ունեցան մեծ ներդրում մը, սակայն շատ քիչերն են այսօր որ գիտեն անոնց պատմութեան մասին»,- Զանիսնիք ըսաւ «Hyperallergic» գործակալութեան՝ աւելցնելով որ ժողովը կը զիջի միայն դրացի Բաթըրսըն քաղաքին՝ Ամերիկայի մանրաթել արտադրելու մէջ: «Այս յուշարձանը այս մարդոց համար է, անոնց նախնիներուն, եւ թոռներուն համար»: Լուրը ամբողջութեամբ կարդալու համար տեսնել «Hyper Allergic»-ի յօդուածի ստորեւ նշուած հղումը:"
https://hyperallergic.com/660944/an-unlikely-monument-to-the-syrian-and-armenian-communities/