Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Ժավատ Զարիֆ մայիս 25-ին Ազրպէյճան եւ Հայաստան պիտի այցելէ: «Trend» կը յայտնէ, որ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէ համապատասխան յայտարարութիւն մը կատարած է: Զարիֆի Հայաստան եւ Ազրպէյճան նախորդ այցելութիւնները տեղի ունեցան 2021-ի Յունուարի վերջը: