"Արդարադատութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին հետ գործակցաբար Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին նոր գործեր ներկայացուցած է, որոնք կը հաստատեն, որ Ազրպէյճան պատասխանատու է հայ ռազմագերիներու եւ գերութեան մէջ գտնուող քաղաքացիական անձանց սպանութեան համար: Դիմումներուն մէջ կը նշուի, որ 19 հայ զինուորներ ու քաղաքացիական անձինք, որոնք մնացած են իրենց բնակավայրերուն մէջ, դառնալով գերի կամ բանտարկեալ՝ սպանուած են ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Այս դիմումները ներկայացուած են անհերքելի ապացոյցներով՝ ականատեսներու ցուցմունքներու, համացանցի վրայ հրապարակուած լայնատարած տեսերիզներու, դատաբժշկական փորձաքննութիւններու եւ փորձագիտական եզրակացութիւններու տեսքով: ՀԻԿ-ը, ՄՀԻԿ օգնութեամբ, հետամուտ է անուրանալի ապացոյցներով պատասխանատուութեան ենթարկելու Ազրպէյճանը՝ հայ ռազմագերիներուն կեանքը չպաշտպանելուն համար: Ամբողջական լուրը՝ "